By Aztag Daily | Thursday, 11 May 2017
Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր` նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելու հաւանականութեան: Անոր համաձայն, պաշտօնավարման համար նախ պէտք է աշխատանքը շարունակելու ցանկութիւն, ապա` համապատասխան անձերու որոշում:
<<Պաշտօնավարումը շարունակելու համար նախ պէտք է ունենալ աշխատելու ցանկութիւն, ապա այն, որ պաշտօնատար անձեր` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ քաղաքական այն ուժը, որ ես կը ներկայացնեմ, համապատասխան որոշում տան: Առաջին մասով իմ ցանկութիւնս կայ` աշխատանքը շարունակելու եւ հիմնարար փոփոխութիւններ իրականացնելու: Երկրորդը, կը կարծեմ, 18 մայիսէն ետք կը յստականայ, թէ ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուի>>, ըսաւ Մինասեան:
Խօսելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին` ան ըսաւ, որ անոնք շատ բնականոն` վարչապետ-նախարար յարաբերութիւն է, որուն ընթացակարգերը նախատեսուած են նախագահի հրամանագիրով եւ ամրագրուած են նաեւ սահմանադրութեամբ:
<<Եթէ կան բանավէճեր, այս կամ այն դրոյթներուն վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ, ատիկա ոչ թէ անհամատեղելիութեան, այլ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու փաստեր են>>, ըսաւ Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ