Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի նիստին ընթացքին. Վարչապետ Կարապետեան - Այստեղ պէտք է ձեւաւորուի ժամանակակից, աշխուժ խումբ

By Aztag Daily | Thursday, 11 May 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աշխատակազմին ներկայացուցած  է հիմնադրամի նոր նշանակուած գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակեանը:

Կարէն Կարապետեանը շնորհաւորած է Արմէն Աւակեանը, մաղթած բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Վարչապետին խօսքով, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հետաքրքրական հարթակ է, որ  կրնայ օժանդակել կառավարութեան տնտեսական ծրագիրներուն:

<<Կ՛ակնկալենք, որ այստեղ պէտք է ձեւաւորուի ժամանակակից, աշխուժ, խումբ մը: Հիմնադրամի ղեկավարէն կը սպասենք գործունէութեան արդիւնաւէտութեան, ներառեալ ֆինանսական կառավարման արդիւնաւէտութեան եւ համապատասխան հաշուետուողականութեան բարձրացում: Իւրաքանչիւր ծախսի հետ պէտք է ունենանք յստակ հիմնաւորում, թէ անիկա ինչի՛ պիտի ծառայէ: Հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ է ապահովել նաեւ լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներու ներգրաւում>>, ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է հիմնադրամին մէջ պետական աջակցութեան գործիքներու կիրարկման արդիւնաւէտութեան գնահատման համակարգի ներդրումը եւ աւելցուցած, որ կառոյցը պէտք է նպաստէ արտահանելի հատուածի ընդլայնման, ծաւալներու  յաւելման, ներուժ ունեցող կազմակերպութիւններուն տրամադրէ որակեալ խորհրդատուութիւն եւ այլն:

<<Մենք ամէն ձեւով պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ է մեր ներուժը, որ շուկաներուն մէջ ինչ ներուժ ունինք, եւ առաւելագոյնս խթանենք արտահանումը: Պէտք է նաեւ ներդրումներու մարզին մէջ իրականացնել խթանման միջոցառումներ, քայլերու ձեռնարկել ներդրումային ծրագիրներու ներգրաւման, օտարերկրեայ ընկերութիւններու  սպասարկման, զբօսաշրջութեան ներուժի օգտագործման ուղղութեամբ>>, ընդգծած է վարչապետը:

 

comments