Հատրութի մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ընտանիքներուն համար շէնքեր կը կառուցուին

By Aztag Daily | Thursday, 11 May 2017


Հատրութի մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ընտանիքներուն համար շէնքեր կը կառուցուին:

<<Արցախփրես>>-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին շինարարական աշխատանքներ իրականացնող <<Եւրոսթրոյ>> ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Աւանեսեան ըսած է, որ կը կառուցուի 20 եւ 16 բնակարաններով 2 շէնք:

<<Շէնքերու շինարարութիւնը սկսած է յունիս 2016-ին: 20 բնակարանով առաջին շէնքը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել մինչեւ  ընթացիկ տարուան սեպտեմբերը: Արդէն աւարտած են տանիքի ծածկի կառուցման, ելեկտրական գիծերու, ներքին ու արտաքին ջրագիծերու  միացման աշխատանքները, կը կատարուի ներքին եւ արտաքին յարդարում: 16 բնակարանով երկրորդ շէնքի տանիքի կառուցման եւ  ներքին յարդարման  աշխատանքներուն պիտի սկսինք  յաջորդ  շաբաթ. կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 2018-ին: Շինարարութիւնը  աւարտելէ ետք կը նախատեսուի նաեւ բարեկարգել շէնքերու տարածքները եւ կառուցել մանկական խաղահրապարակ>>, ըսած է Տ. Աւանեսեանը:

Նշենք նաեւ, որ զինուորներուն համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքերու շինարարութիւնը կ՛իրականացուի պաշտպանութեան բանակի  միջոցներով:

 

comments