Հադրութի մէջ ՊԲ զինծառայողներու ընտանիքներուն համար բազմաբնակարան շէնքեր կը կառուցուին

By Asbarez | Wednesday, 10 May 2017

0511hatrutbuilding

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Հադրութի մէջ, պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու ընտանիքներուն համար կը կառուցուին բազմաբնակարան շէնքեր:

Շինարարական աշխատանքներ իրականացնող <<Եւրոստրօ>> ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Աւանեսեան կը յայտնէ, թէ կը  կառուցուի 36 եւ 16 բնակարաններով 2 շէնք:

<<Շէնքերուն շինարարութիւնը սկսած է 2016 թուականի Յունիսին: 20 բնակարանով առաջին շէնքը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել մինչեւ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր: Արդէն աւարտած են տանիքի ծածկի կառուցման, ելեկտրական գիծերու, ներքին ու արտաքին ջրագիծերու կարգաւորման աշխատանքները. կ՛իրականացուի ներքին եւ արտաքին յարդարում: 16 բնակարանով երկրորդ շէնքի տանիքի կառուցման եւ ներքին յարդարման աշխատանքները պիտի սկսինք յաջորդ շաբաթ. կը նախատեսուի զայն շահագործման յանձնել 2018 թուականին: Շինարարութիւնը աւարտելէ ետք, կը նախատեսուի  նաեւ բարեկարգել շէնքերուն տարածքները եւ կառուցել մանկական խաղահրապարակ>>, կ՛ըսէ Տ. Աւանեսեան:

Նշենք, որ զինծառայողներու համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքերու շինարարութիւնը կ՛իրականացուի Պաշտպանութեան բանակի միջոցներով:

 



comments