Լեզուաբանները կ՛ահազանգեն լեզուի պետական տեսչութեան լուծարման առնչութեամբ

By Asbarez | Wednesday, 10 May 2017

0511language

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Ազնիւ Սիրադեղեան կը տեղեկագրէ, որ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան եւ գրաքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան Չորեքշաբթի, 10 Մայիսին, <<Հայելի>> ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս հրաւիրած են՝ ահազանգ հնչեցնելու համար Լեզուի պետական տեսչութեան լուծարման առնչութեամբ:

<<Մեր այսօրուայ չինովնիկները (պաշտօնեաները-Խմբ.) ձգտում են ստեղծել իրենց համարժէք երկիր՝ առանց լեզուի, առանց մտաւորականի, առանց գիւղացու եւ առանց համալսարանի>>, ըսաւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան: Ան աւելցուց, որ երկրի ղեկավարութեան ճիշդ ձեւը՝ մէկը երկու դարձնելն է, երկուքը՝ չորս, այլ ոչ թէ հակառակը: Անոր խօսքերով, պէտք է պահպանել արժէքները, ստեղծուածը աւելցնել եւ զարգացնել:

<<Կտրականապէս դէմ եմ Լեզուի տեսչութեան փակմանը, քանի որ այն պէտք է աշխատի ու լաւ աշխատի, այլ ոչ թէ քնի>>, նշեց Գասպարեան:

Գրաքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեանի խօսքերով՝ Լեզուի տեսչութեան լուծարումը իշխանութեան կողմէ նպատակաուղղուած քայլ է երկիրը մտաւորականներէ ազատելու:

<<Լեզուի տեսչութիւնը մինչեւ հիմա չեղածի հաշիւ էր, չտեսանք, որ պայքարի ու դատարաններ դիմի>>, ըսաւ Յարութիւնեան:

<<Մենք անփոյթ ենք վարւում մեր լեզուի հետ եւ պէտք է ամէն ինչ անենք, որ Լեզուի տեսչութիւնը յանկարծ չփակուի>>, ասուլիսը եզրափակեց Դաւիթ Գասպարեան:

 



comments