By Asbarez | Wednesday, 10 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արցախփրէս>> - Երկուշաբթի, 8 Մայիսին, Ստեփանակերտի մէջ, մայիսեան Եռատօնին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան յայտնեց, որ ապրիլեան քառօրեայ առճակատումը եւ անոր յաջորդած զարգացումները, իրենց թողած ծանր հետեւանքներով հանդերձ, ուղղորդիչ նշանակութիւն ունեցան՝ ինչպէս հայ ժողովուրդի յետագայ կենսագործունէութեան կազմակերպման, այնպէս ալ անոր զինուած ուժերու աստիճանական յառաջընթացի ապահովման տեսանկիւնէն:
Նախարարի խօսքով՝ կատարուածը հերթական անգամ ապացուցեց, որ Արցախի գոյատեւման թիւ մէկ գրաւականը անոր բանակն է:
<<Ունենալով մինչեւ ոսկրածուծը հայատեացութեամբ լցուած ու քաղաքակրթութեան ամենատարրական ընկալումներից զուրկ հակառակորդ, որ ամէն պահ պատրաստ է դարանակալ հարուածով սպանել երեխային, կնոջն ու զառամեալ ծերունուն, գլխատել ու անարգել մարտադաշտում հերոսաբար նահատակուած հայի մարմինը, առաւել քան պահանջուած է դառնում եղածը շարունակաբար կատարելագործելու, նկատուած թերութիւններից արագ ձերբազատուելու, եւ որ շատ կարեւոր է, գաղափարական հիմքերով ամբողջացած հայութեան ոգեղէն որակները նպատակին ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը>>, ըսաւ զօրավար Լեւոն Մնացականեան: Նախարարը խօսեցաւ Պաշտպանութեան բանակէն ներս կատարուած բարեփոխումներու, նոր ռազմական սարքերու ձեռքբերման եւ ժամանակակից տեսադիտարկման սարքաւորումներով յագեցուածութեան մասին, որոնք հնարաւորութիւն ընձեռեցին՝ ապրիլեան պատերազմէն ետք տեղի ունեցած սադրիչ գործողութիւններու փորձերը կանխելու:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ