By Asbarez | Monday, 15 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարեց Մայիս 14ի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները՝ հաստատելով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնը:
Նախնական տուեալներով՝ Երեւան քաղաքին մէջ 842 հազար 151 ընտրողներէն ընտրութեան մասնակցած է 345 հազար 158 ընտրող:
Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով.
– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 71.25 տոկոս, կամ՝ 240.036 քուէ:
– <<Ելք>> կուսակցութիւններու դաշինք՝ 21 տոկոս, կամ՝ 70,731 քուէ:
<<Երկիր Ծիրանի>> կուսակցութիւն՝ 7.75 տոկոս, կամ՝ 26,109 քուէ:
Անճշտութիւններու թիւը կազմած է 46:
Քաղաքապետի պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Նախնական արդիւնքներով՝ ընտրական գործընթացին մասնակից բոլոր երեք քաղաքական ուժերն ալ աւագանիին մէջ ներկայութիւն կ՛ապահովեն: Ըստ ընտրութիւններու արդիւնքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 46 աթոռ իրաւագիր, <<Ելք>> դաշինքը կը ստանայ 14, իսկ <<Երկիր Ծիրանի>> կուսակցութիւնը՝ 5 աթոռ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ