Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Մոսկուայի մէջ կը գումարէ իր ժողովը

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

0517religouscouncil

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - Երեքշաբթի, 16 Մայիսին, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը գումարեց Մոսկուայի մէջ ծրագրուած եռօրեայ ժողովի առաջին նիստը:

Ժողովի առաջին օրը, Հայոց եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագիրի ընթացքին վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուց <<Դաւիթեան>> հիմնադրամի նախագահ եւ բարեգործ Ասօ Դաւիթեան:

Եռօրեայ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին կանոնադրական, թեմական, ազգային եւ հասարակական բազմաբնոյթ հարցեր:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, անդրադառնալով Մայիս 15ին արցախա-ատրպէյճանական սահմանին արձանագրուած հերթական սադրանքին՝ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն մէջ կ՛ըսուի. <<Տեղեկանալով Մայիսի 15ին արցախա-ադրբեջանական սահմանին ադրբեջանական զինուժի կողմից ձեռնարկուած սադրիչ գործողութիւնների մասին՝ մեր մտահոգութիւնն ենք արտայայտում եւ խստօրէն դատապարտում կատարուածը:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով հանգուցալուծելու՝ Ադրբեջանի կողմից որդեգրուած քաղաքականութիւնը, իրավիճակի շարունակական սրացումը եւ դրանց հետեւանքով պատճառուող մարդկային կորուստները մեծապէս վտանգում են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած քայլերը, նաեւ ձախողեցնում միջազգային հանրութեան ջանքերով սկզբնաւորուած բանակցային գործընթացը:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, հաւատարիմ մնալով իր խաղաղարար առաքելութեանը՝ պիտի շարունակի ամենայն ջանք գործադրել յանուն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, արցախաբնակ մեր զաւակների անվտանգ եւ ապահով կեանքի>>:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement