Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Քաթարի Հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

0517qatar

ԵՐԵՒԱՆ - Պաշտօնական այցով Քաթար գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Քաթարի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով՝ նշելով, որ ուրախ է Քաթարի նորակազմ, փոքրաթիւ, բայց ուժեղ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման հնարաւորութեան համար: Սերժ Սարգսեան ողջունելի համարեց, որ ապրելով եւ արարելով Քաթարի մէջ, հայկական համայնքը իր ներդրումը կը բերէ այդ երկրի զարգացման գործին՝ փորձելով պահպանել հայկականութիւնն ու հայ ոգին: Այս գործին մէջ, նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարեց Մեսրոպեան միօրեայ վարժարանի դերակատարութիւնը:

Նման պայմաններու մէջ, ըստ նախագահին, նորովի կ՛արժեւորուի Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ հայկական համայնքներու գոյութիւնն ու բարգաւաճումը: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, որ հայ-քաթարական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կայ չօգտագործուած մեծ ներուժ, եւ տեղւոյն հայկական համայնքի աջակցութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրել նոր բովանդակութիւն հաղորդելու այդ յարաբերութիւններուն:

Իր խօսքին մէջ, Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ ներկայացնելով հայկական կողմի դիրքորոշումները եւ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները: <<Այսօր ալ կը յայտարարեմ, որ՝ գնահատելով խաղաղութեան արժէքը, մենք երբեք չենք երկնչիր միասնական բռունցք դառնալու եւ տէր կանգնելու արցախահայութեան արդարացի պահանջին, ինչպէս այդ մէկը ըրած ենք քառորդ դար առաջ, այնպէս ալ անցեալ տարուան Ապրիլին>>, ընդգծեց նախագահը:

Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement