Բակօ Սահակեան այցելեց Թալիշ գիւղը

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

 

0517talish

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 16ին այցելեց Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկատուութեան՝  նախագահը ծանօթացաւ գիւղին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ կատարեց շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

comments