Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Արա Բաբլոյեան, փոխնախագահներ՝ Էդուարդ Շարմազանով եւ Արփինէ Յովհաննիսեան

By Asbarez | Thursday, 18 May 2017


0518assembly color

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ապահոված Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) Չորեքշաբթի, 17 Մայիսին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահի եւ փոխնախագահներու իր թեկնածուներուն անունները:

ՀՀԿ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին թեկնածու կ՛առաջադրէ բժիշկ Արա Բաբլոյեանը, իսկ Ազգային ժողովի փոխնախագահներու պաշտօնին թեկնածուներ՝ Էդուարդ Շարմազանովն ու Արփինէ Յովհաննիսեանը:

ՀՀԿ Գործադիր մարմինի Չորեքշաբթի օրուան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրուցելով, ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին որոշուած է Արա Բաբլոյեանը առաջադրել, որովհետեւ <<Արա Բաբլոյեանն ունի շատ երկարամեայ փորձ ե՛ւ գործադիրում, ե՛ւ օրէնսդիրում աշխատելու: Ունի շատ իմաստուն անցեալ, եւ յուսով ենք, որ պարոն Բաբլոյեանի գլխաւորութեամբ մենք կարող ենք աւելի արդիւնաւէտ աշխատել: Ես շատ ուրախ եմ, որ աշխատելու եմ նման փորձառու անձնաւորութեան հետ>>:

Շարմազանով նաեւ յայտնեց, որ ՀՀԿ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջարկուած է Վահրամ Բաղդասարեանի անունը:

ՀՀԿ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնը նաեւ պիտի առաջարկէ Ազգային ժողովի 12 մշտական յանձնաժողովներու թիւը կրճատել 9ի:

Ֆինանսի եւ պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին ՀՀԿ պիտի առաջարկէ Գագիկ Մինասեանի, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին՝ Արմէն Աշոտեանի, Տնտեսական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին՝ Խոսրով Յարութիւնեանի, Պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին‘ Հրայր Թովմասեանի, Ներքին գործերու եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին՝ Կորիւն Նահապետեանի, Առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին՝ Յակոբ Յակոբեանի թեկնածութիւնները:

Ըստ Շարմազանովի՝ Հինգշաբթի օր, օրէնքով սահմանուած կարգով կառավարութիւնը հրաժարական պիտի տայ, իսկ ՀՀԿ վարչապետի թեկնածուն, ինչպէս նախապէս որոշուած էր, պիտի ըլլայ Կարէն Կարապետեան:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement