Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը զօրակցութիւն յայտնեց տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեանին

By Asbarez | Friday, 19 May 2017

0520clericalcouncil

ՊՈԼԻՍ - Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) Հինգշաբթի օր աւարտեց իր եռօրեայ ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը Մոսկուայի մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն կը հաղորդեն, թէ ժողովին ընթացքին զեկոյցով մը հանդէս եկաւ  պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան, որ ներկայացուց պատրիարքարանէն ներս տիրող բարդ իրավիճակը: ԳՀԽ մտահոգութիւն յայտնեց Հայոց պատրիարքութենէն ներս ստեղծուած կացութեան առընչութեամբ, երբ պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը հնարաւորութիւն չունի ձեռնամուխ ըլլալու իր պարտականութիւններու իրականացման: ԳՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց պատրիարքական տեղապահին՝ յորդոր ուղղելով, որպէսզի պատրիարքութեան հոգեւոր դասու եւ ազգայիններու հետ գործակցութեան խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ ջանքեր ներդրուին պետական պատկան կառոյցներու հետ բարւոք լուծումներ գտնելու ստեղծուած կացութեան:

Անդրադարձ կատարելով այս գործընթացին մէջ Արամ արք. Աթէշեանի դրսեւորած կեցուածքին՝ ԳՀԽ անհրաժեշտ համարեց յորդորել անոր, առաջնորդուելով Հայ եկեղեցւոյ կարգերով ու կանոններով, զօրավիգ ըլլալու պատրիարքական ընտրեալ տեղապահին եւ ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերը՝ պատրիարքութեան բնականոն կեանքի վերականգնման համար:

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկած է նաեւ 2018 թուականին Երիտասարդութեան տարուան տօնախմբութիւններուն առնչուող ծրագիրները: Այս ծիրին մէջ, 2018ին կը նախատեսուի առանձին շրջաններու մէջ երիտասարդական հաւաքներ ու ձեռնարկներ, Յուլիս ամսուն աշխարհասփիւռ թեմերու երիտասարդներու մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուի նաեւ եռօրեայ մեծ ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին:

ԳՀԽի եռօրեայ ժողովի աւարտին Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի մասին զեկոյց ներկայացուցած է թեմակալ առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան: Համառօտ պատմական ակնարկ մը կատարելով Ռուսիոյ Հայոց թեմի հաստատման, ներկայացուցած է թեմի ներկայ գործունէութիւնը: Ան նշած է, որ կառուցման ընթացքի մէջ է 15 եկեղեցի, որոնցմէ 9ին օծումը եւ հանդիսաւոր բացումը կը նախատեսուի 2017ին՝ թեմի հիմնադրման 300ամեակին առթիւ:

Ժողովին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննարկած է Ազգային-եկեղեցական ժողովի՝ 1945 թուականին գործադրութեան մէջ դրուած կանոնադրութեան մշակուած նախագիծը:

Մայիս 17ի եւ 18ի նիստերուն ատենապետած է Ամերիկայի Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement