ԱԺ յանձնաժողովները կը ղեկավարեն ՀՀԿ եւ Ծառուկեան դաշինքը

By Asbarez | Friday, 19 May 2017

 

0520vicepresidents

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ազգային ժողովի 9 մշտական յանձնաժողովներու նախագահներ դարձան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ <<Ծառուկեան>> դաշինքի առաջարկած թեկնածուները: ՀՀԿ ունեցաւ 6 նախագահներ, իսկ <<Ծառուկեան>> դաշինքը՝ 3:

ՀՀԿականները կը նախագահեն հետեւեալ մշտական յանձնաժողովներուն.

– Առողջապահութեան եւ սոցիալական հարցերով յանձնաժողով, նախագահ՝ Յակոբ Յակոբեան:

– Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողով, նախագահ՝ Արմէն Աշոտեան:

– Անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու յանձնաժողով, նախագահ՝ Կորիւն Նահապետեան:

– Պետաիրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողով, նախագահ՝ Հրայր Թովմասեան:

– Տնտեսական հարցերու յանձնաժողով, նախագահ՝ Խոսրով Յարութիւնեան:

– Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու յանձնաժողով, նախագահ՝ Գագիկ Մինասեան:

<<Ծառուկեան>> դաշինքի անդամներ կը նախագահեն հետեւեալ մշտական յանձնաժողովները.

– Եւրոպական համարկման մշտական յանձնաժողով, նախագահ՝  Նայրա Զոհրաբեան:

– Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով, նախագահ Վարդան Բոստանջեան:

– Տարածքային կառավարման հարցերու մշտական յանյնաժողով, նախագահ՝ Վարդեւան Գրիգորեան:

Նշենք, որ Ազգային ժողովը մերժեց <<Ելք>> դաշինքի առաջարկը՝ մշտական յանձնաժողովներու թիւը 12 պահելու, յոյս տածելով նախագահել անոնցմէ մէկուն: Այսպիսով թէ՛ <<Ելք>>ը եւ թէ ՀՅԴն Ազգային ժողովի որեւէ մշտական յանձնաժողովի նախագահ չունեցան:

 


comments