Ընտրուեցան ԱԺ փոխնախագահները

By Asbarez | Friday, 19 May 2017

0520vicepresidents

Ազգային ժողովի փոխնախագահներ ընտրուեցան Էդուարդ Շարմազանով, Արփինէ Յովհաննիսեան ու Միքայէլ Մելքումեան:

Մայիս 19ին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած փակ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ Հանրապետական Էդուարդ Շարմազանովը ստացաւ 84 ձայն: Արդարադատութեան նախկին նախարար, Հանրապետական պատգամաւոր Արփինէ Յովհաննիսեանի օգտին քուէարկեց 73 պատգամաւոր: <<Ծառուկեան>> խմբակցութենէն առաջադրուած Միքայէլ Մելքումեան ստացաւ 65 ձայն:

105 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցաւ 100 պատգամաւոր:


comments