Դիրքապահ զինուորներու անվտանգութիւնը ապահովելու քայլեր կը պահանջուին

By Asbarez | Monday, 22 May 2017

0523moseshagopian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Երկուշաբթի, 22 Մայիսին տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման պայմաններու կատարելագործման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու քննարկման:

Հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեսակապի միջոցով խորհրդակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին բանակային զօրամիաւորումներու, Երեւանի եւ Գիւմրիի կայազօրի հրամանատարական կազմերու ներկայացուցիչներ, որոնք Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետին զեկուցեցին զինուորներու զգօնութեան բարձրացման եւ կարգապահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումներու մասին:

Խորհրդակցութեան ընթացքին գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան յանձնարարեց շարունակել սահմանային գիծին վրայ անձնակազմի զգօնութեան, մարտական հերթապահութիւն կատարելու պայմաններու, ամրաշինական կառոյցներու կատարելագործման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ առաւել ջանքեր կեդրոնացնել հակառակորդի սադրանքներէն ու ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու դիրքապահ զինծառայողները՝ անոնց անվտանգութիւնը առաւել ապահով դարձնելու համար:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement