Ինչո՞ւ եւ ո՞ւր կը նախընտրեն հեռանալ Հայաստանի երիտասարդները

By Asbarez | Monday, 22 May 2017

Untitled

ԵՐԵՒԱՆ, <<Սիվիլնեթ>> - Հայաստանի երիտասարդ քաղաքացիներու հետ կատարուած հարցախոյզ մը կը պարզէ, որ հարցախոյզին պատասխանող երիտասարդներուն մէկ երրորդը կը ծրագրէ մեկնիլ Հայաստանէն, իսկ մէկ չորրորդը՝ կ՝ուզէ փոխել Հայաստանի մէջ իր բնակութեան վայրը:
Թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին գաղթի համար, երիտասարդները նշած են հետեւեալ պատճառները. աւելի բարեկեցիկ կեանքի ձգտիլը, աշխատանքի աւելի լաւ հնարաւորութիւններ ունենալը եւ աւելի լաւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը:

<<Ֆրիդրիխ Էբերտ>> հիմնադրամի <<Անկախութեան սերունդ 2016>> խորագիրով կատարուած այս հետազօտութենէն կ՛իմանանք նաեւ, որ Հայաստանէն մեկնիլ ցանկացող երիտասարդներուն 48 տոկոսը կ՛ուզէ Ռուսիա գաղթել, 40 տոկոսը՝ Եւրոպա, իսկ 30 տոկոսը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

 

comments