By Asbarez | Tuesday, 06 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը պիտի շարունակուի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի երեք համանախագահներու հովանիին տակ, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Վիլնիւսի մէջ իրականացող ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
«Մենք հակամարտութեան կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք օգտուելու այն առաջարկներէն, որոնք մշակուած էին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն ընթացքին, եւ որոնք այս տարուան Մայիսին, Տովիլի մէջ (Ֆրանսա) պաշտպանուեցան Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն համատեղ յայտարարութեամբ», ըսած է Լաւրով:
Այս տարուան Մայիս 26ին, նշեալ երեք նախագահները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ վերահաստատեցին միայն բանակցութիւններու միջոցով ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կոչ ըրին՝ «քաղաքական կամք ցուցաբերելու եւ աւարտին հասցնելու կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ աշխատանքը»:
Երեւան ողջունեց Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հասցէագրուած Մոսկուայի սոյն կոչը:
«Կարելի է միայն ողջունել այսօր կողմերին հասցէագրուած ԵԱՀԿ նախարարների խորհուրդի նիստում հնչած Սերկէյ Լաւրովի կոչը», «Ինթերֆաքս»ին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ