Հայաստանի մէջ ստեղծուած Լազերային սարքը հակառակորդի դիպուկահարը կրնայ յայտնաբերել նախքան կրակոցը

By Asbarez | Tuesday, 23 May 2017

0524sniper

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի մէջ ստեղծուած է լազերային սարք մը, որ նախատեսուած է ռազմական նշանակութեան տեսողական միջոցներու յայտնաբերման եւ ոչնչացման համար:

Այս մասին <<Հայոց Աշխարհ>> օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի ներկայացուցիչ Արամ Սայադեան:

<<Սարքի առաւելութիւնը այն է, որ մինչեւ դիպուկահարին աշխատիլը, նախքան կրակոց արձակելը, սարքը թոյլ կու տայ յայտնաբերելու զայն, որքան ալ որ դիպուկահարը քօղարկուած ըլլայ: Որքան ալ ան թաքնուի, տեսողականը չի փակեր, քանի որ տեսողականը պիտի բաց տեսադաշտ ունենայ, որ թիրախ որոնէ: Այդ տեսողականէն անդրադարձուող ճառագայթները որսալով՝ մեր սարքը կը յայտնաբերէ ու կը բացայայտէ դիպուկահարին վայրը: Ինչպէս նաեւ հզօր լազերային ճառագայթի օգնութեամբ՝ շարքէ կը հանէ տուեալ տեսողական սարքը:

Սարքին ամբողջ հաւաքածոն՝ յարակից սարքերով, կրնայ տեղափոխել երկու հոգի: Շատ դիւրին է զայն քօղարկել, քանի որ սարքը ինքնին փոքր է>>, նշած է Սայադեան:

Ըստ անոր՝ սարքը նախատեսուած է նաեւ ռազմական նշանակութեան հեռադիտակ, տեսողական հետախուզութեան որեւէ սարք, ինչպէս նաեւ տեսա-ելեկտրոնային հետախուզութեան, այսինքն՝ ջերմատեսիլ սարքեր, տարբեր ելեկտրոնային տեսախցիկներ, գիշերային կամ սակաւ տեսանելիութեան պայմաններու խցիկներ բացայայտելու համար:

 



comments