By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է.
<<ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որոշումով 4 յունիսին կը նշուի յարձակողապաշտութեան զոհ դարձած անմեղ երեխաներու միջազգային օրը:
<<Անցեալ տարի ապրիլին Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին ընթացքին հրթիռահրետակոծութեան պատճառով դպրոցի բակին մէջ զոհուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Զօրաւան գիւղի 12-ամեայ բնակիչ Վաղինակ Գրիգորեան, նաեւ երկու երեխաներ վիրաւորուեցան:
<<4 յունիսը յարձակողապաշտութեան, զինուորական տագնապներու եւ ահաբեկչութիւններու զոհ դարձած երեխաներու, որոնց կարգին` 12-ամեայ Վաղինակի յիշատակի օրն է, յիշեցումի օր է բոլոր քաղաքակիրթ մարդոց, որ երեխայի կեանք խլած որեւէ յարձակումի հեղինակ եւ իրականացնող պէտք չէ անպատիժ մնայ, զգուշացումի օր է բոլոր անոնց, որոնց մէջ անզօրութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը կը վերածուին յարձակումի, իսկ վերջինս ալ կը յանգեցնէ անմեղ երեխայի մահուան, որուն պատիժը անխուսափելի է եւ արդարացի>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ