Արցախի դիրքերը համալրուած են աւելի արդիական եւ նոր սպառազինութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 06 June 2017

0606levonmnatsaganian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի պաշտպանութեան բանակը ապրիլեան պատերազմին ընթացքին զինամթերքի պակաս չէ ունեցած: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ վստահեցուցած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան:

<<Մարտական կազմը դիրքերուն մէջ քանի մը անգամով սահմանուածէն աւելի եղած է: Ապրիլեան դէպքերուն ընթացքին մենք զինամթերքի պակաս չենք ունեցած: Այժմ սպառազինութեան տեսականիի աճ ունինք առաջնագիծին վրայ: Անիկա համալրուած է արհեստագիտական աւելի արդիական եւ նոր միջոցներով>>, յայտնեց Մնացականեան:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի դիրքերուն ինքնահոս ջուր հասցնելու ուղղութեամբ: Լեւոն Մնացականեան կը վստահեցնէ, թէ այժմ դիրքերուն մէջ զինուորներուն լոգանքի համար շաբաթը մէկ անգամ մեքենաներով ջուր կը տանին:

Հրամանատարը նաեւ նշեց, որ այժմ զօրամասերուն մէջ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն, որպէսզի սպաները համացանցային կապի միջոցով, առանց գումար ծախսելու կապ հաստատեն իրենց հարազատներուն եւ ծնողներուն հետ. պիտի ապահովեն նաեւ տեսակապ։

 



comments