Արմէն Ռուստամեան. «Ժառանգութիւն»ը Պէտք է Իշխանութեան Դէմ Պայքարի եւ Ոչ Թէ՝ Ընդդիմութեան

By Asbarez | Wednesday, 07 December 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները տարբեր լրատուամիջոցներով յայտարարած են, թէ իրենք յաջողած են «պատռել Դաշնակցութեան  դիմակը», եւ որ իրենք միակ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժն են, քանի որ Դաշնակցութիւնը ԱԺ նախագահի ընտրութեան ընթացքին քուէարկած է ո՛չ թէ Լարիսա Ալաւերդեանի, այլ՝ Սամուէլ Նիկոյեանի օգտին:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով տարածուած այսօրինակ լուրերուն, Դեկտեմբեր 7ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը ԱԺ նախագահի ընտրութիւններուն պարզապէս քաղաքական նշանակութիւն չէ տուած, քանի որ համոզուած է, որ այս ընտրութեամբ ԱԺ գործունէութեան մէջ ոչ մէկ էական փոփոխութիւն կրնար ըլլալ: Դաշնակցական պատգամաւորի խօսքերով՝ թէ՛ իշխանամէտ եւ թէ’ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պատգամաւորները խորհրդարանին մէջ անլուրջ միջավայր ստեղծած են:

«Մեծամասնութիւնն այս ամէնը անլրջացրել է նրանով, որ իրենք էլ այս ընտրութիւնը չեն կարեւորում՝ յայտարարելով, թէ այս պահին, երբ երկիրը մտել է ընտրութիւնների փուլ, այս պաշտօնն աւելի ցածր է, քան, օրինակ, շտաբի պետի պաշտօնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Անդրադառնալով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան վերաբերմունքին, Ռուստամեան նշեց, որ եթէ անոնք լուրջ կը մօտենային այս խնդիրին եւ քաղաքական լուրջ խնդիր կ՛ուզէին լուծել՝ պէտք է խորհրդարանական միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան հետ իրենց քայլերը համաձայնեցնէին:

«Միասին մտնէինք այդ պայքարի մէջ, գնայինք՝ հասկանալու, թէ ինչ պէտք է անենք: Նման որեւէ քայլ, իրենց կողմից չի եղել: Աւելին՝ մենք անգամ հարցրել ենք իրենց, օրինակ՝ տեղակալի պարագայում, երբ տեսանք, որ իրենք առաջադրեցին նախագահի թեկնածու, մօտեցանք, հարցրեցինք գուցէ տեղակալ էլ էք ուզում առաջադրել, ասացին՝ չենք որոշել», նշեց պատգամաւորը եւ աւելցուց, որ անոնք եւս շատ լաւ կը հասկնային, որ որեւէ իմաստ, բացի ամպիոնը օգտագործելու փորձէն, չեն ըրած:

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ «Դաշնակցութեան դիմակը պատռելու մասին» «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ իրենք պէտք է պայքարին իշխանութեան դէմ, ոչ թէ ընդդիմութեան մէջ իրարու դէմքերը պատռելու գործընթաց սկսին:

Ըստ պատգամաւորի՝ Դաշնակցութեան համար աշխատելու այդ եղանակը բացարձակապէս անընդունելի է: Անլուրջ, անկարեւոր  գործընթացներու իբրեւ արդիւնք լուրջ հետեւութիւններու յանգելը հարիր չէ լուրջ քաղաքական գործիչին:

comments

Advertisement