Բոլոր հնարաւոր միջոցներով պիտի աջակցինք հողի վրայ պինդ կանգնողներուն. Սերժ Սարգսեան

By Asbarez | Wednesday, 07 June 2017

 

0607SERJ

ԵՐԵՒԱՆ -  Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, 5 Յունիսին յայտնեց, որ բոլոր հնարաւոր միջոցներով կառավարութիւնը պիտի աջակցի, <<ամուր թիկունք պիտի ապահովէ հողի վրայ պինդ կանգնողներուն՝ համայնք առ համայնք, ընտանիք առ ընտանիք>>:

Այս մասին նախագահը նշեց Կողբի զօրամաս կատարած իր այցին ընթացքին, երբ հանդիպում կ՛ունենար սահմանամերձ համայնքներու համակարգման ենթակայ հարցերու լուծման նպատակով կազմուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդամներուն հետ:

<<Մեր հանրապետութեան բոլոր բնակավայրերուն մէջ խնդիրներ կան, եւ ակնյայտ է, որ անոնցմէ շատերը նոյնանման են: Ատոնք նոյն ձեւի լուծումներ կը պահանջեն, բայց հիմնական խնդիրներէն մէկը մեր սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծումն է, որովհետեւ այդ խնդիրներուն կը գումարուին յաճախ տեղի ունեցող հրադադարի խախտումները, որոնք, մէկ կողմէ, լարուածութիւն կը ստեղծեն, միւս կողմէ յաւելեալ վնասներ կը պատճառեն մեզի: Այսինքն՝ յաւելեալ աշխատանքի անհրաժեշտութիւն կայ>>, ըսաւ նախագահը:

Ըստ երկրի ղեկավարին՝ պէտք է արդարացնել ակնկալիքները այն մարդոց, որոնք մնացած են հայրենիքի մէջ՝ ակնկալիքով, որ իրավիճակը պիտի փոխուի, եւ իշխանութիւնները շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի աշխատին:

Սերժ Սարգսեան զօրամասին մէջ ծանօթացաւ նաեւ մարտական պատրաստուածութեան եւ նուէրներով խրախուսած ծառայութեան ընթացքին աշխոյժ զինծառայողները:

 



comments