Արցախի նախագահը այցելեց սահմանագիծի շարք մը յատուածներ

By Asbarez | Friday, 09 June 2017

0609pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Յունիսին այցելեց հանրապետութեան հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին եւ տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ՝ ներկայացուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Նախագահին ուղեկցեցան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments