By Asbarez | Friday, 09 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի օր մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Յունիս 6ին մեկնարկած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի նիստին:
Նախագահը, ժողովի հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն ողջունելէ ետք՝ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանելու ժողովի մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, Արցախի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, Հայաստանի պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան, հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրադրութեան, հայրենիքին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայերուն ցուցաբերուող աջակցութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ