By Asbarez | Friday, 09 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - <<Իւրաքանչիւր պաշտօնեայ գիտէ, որ յաւերժական պաշտօնեայ գոյութիւն չունի>>. Ուրբաթ օր խորհրդարանին մէջ լրագրողներու ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով Շիրակի դաշնակցական մարզպետը մէկ այլ դաշնակցականով փոխարինելու հարցին: <<Կուսակցութիւնը կրնայ որոշել, թէ ո՛ր անձը ուր պէտք է աշխատի: Ոչ մէկ արտառոց բան կատարուած է այդտեղ>>, ըսաւ ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան եւ վարչապետին մասին հարցերուն՝ Ռուստամեան ըսաւ, որ չի կրնար խօսիլ այն մասին, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետ 5 տարի ետք, կամ՝ արդեօք Կարէն Կարապետեանը պիտի ըլլա՞յ վարչապետ եւս 5 տարի:
Արձագանգելով այն դիտարկումին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ըսէ, թէ վարչապետը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, եւ պատճառ չկայ, որ ան հրաժարական տայ՝ պատգամաւորը ըսաւ. <<Մենք կը խօսինք այս կառավարութեան մասին: 5 տարի ետք ի՞նչ կ՛ըլլայ, յայտնի չէ>>:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս քանի մը ամիսներուն ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ տեսա՞ծ է, թէ իրենց ուժն ալ վստահութեան քուէ կու տայ գործող կառավարութեան, Ռուստամեան ըսաւ. <<Կառավարութեան փոխարէն հաշուետուութիւն չեմ կրնար տալ, բայց կառավարութիւնը բաւական լուրջ քայլեր կատարած է: Վստահաբար, մենք ատիկա տեսած ենք: Եթէ չտեսնէինք, ապա ինչո՞ւ համաձայնական կառավարութիւն պիտի կազմէինք>>:
Ըստ Ռուստամեանի՝ քանի մը վայրկեաններու մէջ կարելի չէ ներկայացնել, թէ ի՛նչ եղած են այդ փոփոխութիւնները:
Թէ զո՞վ կը տեսնէ վարչապետի պաշտօնին վրայ 2018էն ետք, Ռուստամեան պատասխանեց. <<Կու գայ 2018 թուականը, կը տեսնենք>>:
Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց նաեւ, որ իրենց մատնանշած կարգ մը խնդիրներ կառավարութիւնը լուծած է, եւ իրենք վստահութեան քուէ տալու առիթ ունին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ