By Asbarez | Friday, 09 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հանրապետութեան նախագահին հետ աշխատանքային հանդիպումի մը ընթացքին բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան Ուրբաթ օր զեկուցած է բնապահպանութեան մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, ընթացիկ ծրագիրներուն եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն մասին:
Նախարար Արծուիկ Մինասեան նախագահին զեկուցած է բնական պաշարներու ելակէտային տուեալներու ամբողջական հաշուարկման համակարգի ձեւաւորման համար ժամանակակից արհեստագիտական լուծումներ տալու, բնապահպանական փորձաքննութեան հիմնարկի կատարելագործման, գործող թոյլտուութիւններու եւ արտօնագիրներու ընթացակարգերու պարզեցման նպատակով ելեկտրոնային համակարգ ստեղծելու մասին:
Բնապահպանութեան նախարարը անդրադարձած է նաեւ անտառային պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման եւ վերահսկման:
Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է աշխատանքներ սկսիլ միասնական անտառային կառավարման համակարգի ստեղծման ուղղութեամբ եւ ներկայացուցած <<Դիլիջան>> ազգային զբօսավայրի երեք վտանգուած մասնաճիւղերու պահպանութիւնը մասնաւոր պահնորդական կազմակերպութեան պատուիրակելու փորձնական ծրագիրը: Նախարար Մինասեան զեկուցած է նաեւ կենսաբազմազանութեան անձնագրաւորման, բնական զբօսաշրջութեան ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման, բնապահպանական եւ բնօգտագործման վճարներու քաղաքականութեան վերանայման ուղղութեամբ նախարարութեան ձեռնարկած քայլերը:
Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է նախարարին աշխուժացնել աշխատանքները բնութիւն–արտաքին պարտք մեքանիզմի գործադրման ուղղութեամբ, որ կարելիութիւն կու տայ Հայաստանի երկկողմանի վարկային պարտաւորութիւններէն որոշակի միջոցներ ուղղել Հայաստանի բնապահպանական հարցերու լուծման:
Նախագահ Սարգսեան նախարարին հետ քննարկած է նաեւ Սեւանայ լիճի պահպանութեան եւ <<բնական միջավայրի>> համակարգի վերականգնման ձեռնարկելուն վերաբերող հարցերը, տուած է համապատասխան յանձնարարականներ: Բնապահպանութեան նախարարը զեկուցումին ընթացքին ներկայացուցած է <<Սեւան>> ազգային զբօսավայրը կենսոլորտային արգելավայրի վերածելու հեռանկարային ծրագիրը:
Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած է նաեւ նախարարութեան կառուցուածքային եւ քատրային բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ