By Asbarez | Friday, 09 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց <<Պետական գոյքի մասնաւորեցման 2017-2020 թուականներու ծրագրի մասին>> օրէնքի նախագիծը, որով կը նախատեսուի մասնաւորեցնել 47 կազմակերպութիւն: Նախագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունելուն կողմ քուէարկեց 58 պատգամաւոր, դէմ՝ 31, կը հաղորդէ <<Երկիր Մեդիա>>ն:
Ծրագիրով կ՛առաջարկուի մասնաւորեցնել 47 պետական կազմակերպութիւն, որոնցմէ 23ը ներառուած 2006-2007 թուականներու մասնաւորեցման ծրագիրին մէջ: Առաջարկուող ծրագիրով պիտի մասնաւորեցուին <<Հայփոստ>>ը, <<Հայաւտոկայարան>>ը, Տաշիրի կինոցանցի գոյքը, <<Հայֆիլմ>> կինոստուդիան, <<Հրազդան>> մարզահամալիրը, <<Բիւրեղ>> հանքային ջուրերու գործարանի պետական սեփականութիւն հանդիսացող բաժնեմասը, Ստեփանաւանի օդակայանը, առողջապահական շարք մը կազմակերպութիւններ եւ այլն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ