By Asbarez | Tuesday, 13 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 2016ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, <<Վիւասել>>ի հաշուապահութեան վարչութեան աշխատակիցները այցելած են զինուորական հիւանդանոց եւ խոստացան ամէն ամիս 100-150 հազարական դրամ աջակցութիւն տրամադրել հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցած հայորդիներէն 3ի ընտանիքներուն:
Մայիս 2016էն մինչեւ այսօր անոնք աւելի քան 3.5 միլիոն դրամ յատկացուցած են 2 ընտանիքի, իսկ 2 զինուորի համար կառուցել տուած են յատուկ յարմարութիւններով բաղնիք:
Հաշմանդամ զինուորականներուն օգտակար ըլլալու նպատակով, <<Վիւասել>>ի աշխատողները համագործակցած են <<Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներին եւ զինուորական հաշմանդամներին>> հասարակական կազմակերպութեան հետ եւ բժշկական քայլակ տրամադրած <<Քայլմեդ>> վերականգնողական կեդրոնին:
Նշենք, որ ընդհանուր առմամբ, <<Վիվասել>>ի հաշուապահական բաժինի աշխատողները վիրաւոր զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն ցուցաբերած են շուրջ 6 միլիոն դրամի աջակցութիւն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ