Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որ Արցախի դէմ լայնածաւալ գործողութիւններ սկսին. Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Wednesday, 14 June 2017

0614giro

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ նշեց, որ Քաթարի ընդառաջ երթալու եւ յարաբերութիւնները խորացնելու առումով Հայաստանի դիրքորոշումը ճիշդ է:

Սուրիոյ մասին խօսելով՝ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ այդտեղ  տեղի ունեցած իրադարձութիւնները չեն խօսիր Թուրքիոյ յաջողութիւններուն մասին, այլ՝ ընդհակառակը:

<<Սուրիոյ շուրջ զարգացումները կը գտնուին արաբական երկիրներու միջեւ լարուածութեան խորացման հիմքին մէջ: Եկած է պահը, որ արաբական երկիրները պէտք է վերջնականապէս որոշեն, թէ ինչ պիտի ընեն Սուրիոյ հարցին շուրջ>>, ըսաւ ան եւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը տարածաշրջանային եւ համաշխարհային նշանակութիւն ունի, քանի որ գերտերութիւնները իրենց շահերն ու մասնակցութիւնը ունին այդտեղ:

Խօսելով արցախեան հակամարտութեան մասին, ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատուն շեշտեց, որ Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որ լայնածաւալ գործողութիւններ սկսին Հայաստան-Ատրպէյճան կամ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին, քանի որ ատիկա անվերահսկելի պիտի դառնայ ու հակամարտութեան մէջ պիտի ներքաշուին այլ պետութիւններ:

 

comments