By Asbarez | Saturday, 17 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի ՀՆԱի (Համախառն ներքին արտադրութիւն) աճը ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին կազմած է 6.5 տոկոս: Յունիս 16ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:
<<Ես կը կարծեմ, որ ասիկա բաւական լաւ ցուցանիշ է՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարուան համար մենք թիրախ ընտրած ենք 3.2 տոկոս ՀՆԱի աճ եւ բազմիցս կրկնած ենք, որ 3.2 տոկոսը այն նուազագոյն շեմն է, որուն պիտի ձգտինք>>, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ կ՛ըսէ նախարարը:
ՀՆԱի աճին հիմնականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ առեւտուրի ճիւղերը: <<2017ի Յունուարէն Ապրիլ Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 5.7 տոկոս: Տնտեսական աշխուժութեան հիմնականօրէն նպաստած են նաեւ արդիւնաբերութեան եւ ծառայութիւններու ճիւղերը: Յառաջիկայ ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշներու էական նուազում մենք չենք ակնկալեր>>, կը տեղեկացնէ նախարարը:
Արտածումը կը շարունակէ աճ արձանագրել ներմուծման նկատմամբ: Ըստ Վարդան Արամեանի՝ հինգ ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է 16 տոկոսէն քիչ մը աւելի արտածման ցուցանիշ, իսկ ներմուծման ցուցանիշը կազմած է 14 տոկոսէն քիչ մը աւելի: Այս կը նշանակէ, որ արտածման ցուցանիշը կը շարունակէ աւելի արագ աճիլ, քան ներմուծման ցուցանիշը:
Խօսելով հարկերու հաւաքագրման մասին՝ նախարարը նշեց, որ առաջին եռամսեակին հաւաքագրումը ծրագրուածէն առաւել արդիւնաւէտ եղած է: <<Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն այն վարքագիծը, զոր ունեցած էինք հարկերու հաւաքագրման մէջ, թոյլ կու տայ յայտնելու, որ կը յառաջանանք նպատակադրուած ցուցանիշով: 107.5 միլիառ դրամի չափով հարկերու հաւաքագրում ունեցած ենք: Նախորդ տարուան Ապրիլ ամսուան հարկերու հաւաքագրումը եղած է շուրջ 97 միլիառ: Երկու ամսուան երկայնքով ունինք 10 միլիառ դրամի հարկերու հաւաքագրման աճ>>, եզրափակեց Արամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ