Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը Արցախի սահմանային դիրքեր կ՛այցելէ

By Asbarez | Saturday, 17 June 2017

0617babloyan

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Երկիր>> - Ուրբաթ, 16 Յունիսին, աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողողի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Վարդան Բալայեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերը: Ազգային ժողովի նախագահը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ մարտական հերթապահութեան կատարման ընթացքին եւ զինծառայողներու կենցաղային պայմաններուն:

 



comments