By Asbarez | Saturday, 17 June 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ, Ուրբաթ, 16 Յունիսին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում՝ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները քննարկելու նպատակով:
Ընդգծելով, որ Հայաստան-Սփիւռք նախորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2014ին եւ այդ երեք տարիներուն ընթացքին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ. նախագահը կարծիք յայտնած է, որ այդ հանգամանքներու բազմակողմանի քննարկումը պէտք է դառնայ յառաջիկայ համաժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուցած է համաժողովի ծրագիրը, որուն վերաբերեալ խորհրդակցութեան մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց առաջարկներն ու դիտարկումները՝ համաժողովը կազմակերպչական բարձր մակարդակով իրականացնելու եւ համահայկական կարեւորագոյն բոլոր հարցերը օրակարգի մէջ ներառելու նպատակով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ