Արցախի եւ Հայաստանի գիւղական կեանքին նուիրուած փառատօն կը ծրագրուի

By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017

0621tourism

ԵՐԵՒԱՆ - Յունիս 20ին, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում <<Մեր Գիւղը>> խորագիրով նախագիծ-առաջարկի վերաբերեալ:

<<Փանորամա>>ն կը յայտնէ, թէ նախագիծի հիմնական նպատակն է կազմակերպել ամէնամեայ փառատօն-տօնավաճառ՝ Հայաստանի եւ Արցախի գիւղատնտեսական արտադրանքը ներկայացնելու եւ իրականացնելու ակնկալութեամբ:

Հանդիպումը կազմակերպած էր Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան:

Քննարկման մասնակցեցան նախագիծին հեղինակները եւ պետական ու մասնաւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

<<Փառատօնը պիտի նպաստէ զբօսաշրջիկներուն եւ տեղացիներուն Հայաստանի եւ Արցախի գիւղատնտեսական եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն եւ նուաճումներուն ծանօթանալու, փոքր եւ միջին գործարարութեան առաջխաղացման, ներքին եւ ներգնայ զբօսաշրջութեան զարգացման>>, իր խօսքին մէջ նշեց Զարմինէ Զէյթունցեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ 2017ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Երեւանի մէջ փառատօնը կազմակերպելու հնարաւորութիւնը, որուն ընթացքին իրենց արտադրանքը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի բոլոր մարզերու եւ Արցախի գիւղատնտեսական ապրանքներ արտադրող երկրագործական տնտեսութիւնները, ձեռնարկութիւնները, անհատ ձեռներէցները եւ փոքր ու միջին արտադրողները:

<<Մեր Գիւղը>> խորագիրով նախագիծ-առաջարկը Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ստացած է  <<Մեր Գիւղը>> ընկերութեան կողմէ:

 



comments