By Asbarez | Wednesday, 21 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Նախորդ տարուան Ապրիլին ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման իբրեւ արդիւնք՝ աւելի քան 2000 մարդ՝ Արցախի բնակչութեան 1.3 տոկոսը, Լեռնային Ղարաբաղէն տեղափոխուած է Հայաստան: Փախստականի համաշխարհային օրուան եւ <<Մենք կանգնած ենք փախստականներու կողքին>> քարոզարշաւին առիթով <<Փանորամա>>ի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի (ՄԱԿ ՓԳՀ) ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթ:
Ան նշած է, որ անոնց մեծամասնութիւնը կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ էին, իսկ տղամարդիկ մնացած էին՝ պաշտպանելու իրենց տուները կամ մասնակցելու գործողութիւններուն:
Հայաստան եկածներէն շատերը կեցութիւն հաստատած են իրենց բարեկամներու կամ ընտանիքի ընկերներու մօտ, որոնք, անոր խօսքով, մասնաւորապէս կը պատկանին հասարակութեան աղքատ խաւին:
Քրիստոֆ Պիրուիրթ նշած է, որ ՄԱԿի ՓԳՀն տպաւորած է տեղահանուած անձերու ցուցաբերած աջակցութեան եւ հիւընկալութեան մակարդակը. հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ հիւրընկալութեան բարձր մակարդակ արձանագրած են: Ան նաեւ նշած է, որ իրավիճակը դրդած է ՄԱԿի ՓԳՀին անյապաղ ներգրաւուածութիւն ցուցաբերելու:
Ըստ Հայաստանի մօտ ՄԱԿի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչին՝ ԼՂի տեղահանուած անձերէն շատերը ի վիճակի եղած են վերադառնալու. 2016ի տարեվերջի տուեալներով՝ 573 անձ (172 ընտանիք), յատկապէս հակամարտութենէն տուժած գիւղէն՝ Թալիշէն, կը շարունակեն մնալ տեղահանուած, քանի որ Թալիշը դեռ անվտանգ չէ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ