By Asbarez | Thursday, 22 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ <<Էյ.Թի. Փի.>> բարեգործական հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր՝ Հայաստանի մէջ առաւել լուրջ մօտեցումով բնապահպանական կրթութեան իրականացումը խրախուսելու նպատակով:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ յուշագիրի նպատակն է նպաստել բնապահպանական կրթութեան կարեւորութիւն տալուն եւ զայն առաւել եւս տարածելուն՝ Հայաստանի կրթական շրջանակին մէջ:
Կողմերը կ՛աջակցին նոր մօտեցումով եւ լուրջ բնապահպանական կրթութեան տարածման եւ յառաջընթացին միտուած ծրագիրներուն ու գործողութիւններուն՝ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն եւ տեղեկատուութիւն:
<<Էյ.Թի. Փի.>> հիմնադրամը կը պարտաւորւուի մասնագիտական ներուժ ներդնել լուրջ բնապահպանական կրթութեան ուղղութիւններու զարգացման, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու օժանդակութեամբ նպաստել ուսուցիչներու ու դաստիարակներու մասնագիտական յառաջխաղացման հնարաւորութիւններու ընդլայնման մէջ՝ կազմակերպելով վերապատրաստման դասընթացքներ՝ <<Միտք սերմանի՛ր, ծառ տնկի՛ր>> ուսումնական ձեռնարկի եւ այլ ուսումնական նիւթերու հիման վրայ:
Հիմնադրամը աշխատանքներ պիտի իրականացնէ նաեւ քաղաքացիական կրթութեան եւ համապատասխան կանոնաւոր աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ՝ հանրակրթութեան նախադպրոցական, տարրական, միջին եւ աւագ մակարդակներուն, ինչպէս նաեւ մասնագիտական կրթութեան համակարգին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ