By Asbarez | Friday, 23 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հակառակ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով յառաջացած աղէտալի պայմաններուն՝ այնտեղ կը շարունակեն հազարաւոր հայեր ապրիլ: Հայաստան համահայկական հիմնադրամը պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ անոնց, թէ՛ հայրենադարձ սուրիահայերուն: 20 Յունիսին, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբը սուրիաբնակ հայերուն 100 հազար եուրոյին համարժէք գումար նուիրած է: Գումարին նուիրատուութիւնը իրականացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:
2012-2016 թուականներուն սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով, հիմնադրամին հանգանակած ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 396 միլիոն դրամ: Հասոյթին գերակշիռ մասը կազմուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի յանձնախումբերու Հեռուստամարաթոն 2012ի եւ 2013ի ծիրին մէջ հաւաքագրուած գումարներէն: Հայաստանի մէջ հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման. սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով, գործարկուած է 2 չուերթ, փոխհատուցուած է 120 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, 39 սուրիահայու սիրտի վիրահատութեան գումարը, 19 ընտանիքի բուժման ծախսերը:
Հանգանակութիւններու միջոցով փոխհատուցուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձը, որուն շնորհիւ վարժարանները պատերազմական ծանր պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մինչ օրս գործել:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ