Լիդիան Արմէնիա-ն կը շլացնէ կառավարութիւնը 500 հազար Դրամ աշխատավարձով 2000 աշխատատեղ խոստանալով

By Asbarez | Friday, 23 June 2017

0624gov

ԵՐԵՒԱՆ - Կառավարութիւնը որոշած է արտօնել <<Լիդիան Արմէնիա>> ընկերութեան իր ներածած արհեստագիտական սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու համար մաքսատուրք չվճարել:

Կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ, որ այս արտօնութիւնը լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացման եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման համար: Արդէն իսկ այս ընկերութիւնը իրականացուցած է 44 միլիառ դրամի ներդրում, նախատեսուած է եւս 180 միլիառ դրամի ներդրում: Կը նախատեսուի ստեղծել 2 հազար նոր աշխատատեղ՝ 500 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:

Կառավարութիւնը նոյնպիսի արտօնութիւն տուաւ նաեւ <<ԷՄ.ԷԼ. Մայնինգ>> եւ <<Ինվեսթմընթ Մեդիա Գրուպ (ԱՅ.ԷՄ.ՋԻ.)>> ընկերութիւններուն:

 



comments