''Ժառանգութիւն'' վարչութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան

By Asbarez | Tuesday, 27 June 2017

0627raffihovanissian

ԵՐԵՒԱՆ - Յունիս 25ին տեղի ունեցաւ <<Ժառանգութիւն>> կուսակցութեան 11րդ համագումարը, որուն կը մասնակցէին 187 պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր հասարակական-քաղաքական տարբեր կազմակերպութիւններէ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համագումարին հրաւիրուած հիւրեր՝ զօրավար Սէյրան Օհանեան եւ քաղաքագէտ Ազատ Արշակեան:

Կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ներկայացուց նախորդ համագումարէն ետք վարչութեան կատարած աշխատանքներուն հակիրճ հաշուետուութիւնը, որ ընդունուեցաւ ի գիտութիւն:

Համագումարին զեկոյցով հանդէս եկաւ <<Ժառանգութեան>> առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան նոր վարչութեան առաջադրուած թեկնածուներու, ինչպէս նաեւ Վերստուգիչ ու Կանոնադրական յանձնաժողովներու ընտրութիւնները:

Նոր վարչութեան կազմին մէջ ընտրուեցան կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան, մանկավարժներ Արմէն Մարտիրոսեան եւ Լիգիա Մելքումեան, փրոֆեսէօր Ռաֆիկ Յակոբեան, տնտեսագէտներ Գագիկ Մարգարեան, Սուսաննա Մուրադեան, Ռշտուն Մարտիրոսեան եւ Սուսաննա Բարխուդարեան, Ֆիլիպ Արզումանեան, Գէորգ Ղահրամանեան, Յովսէփ Ղազարեան, Գայիանէ Աբասեան, Վանիկ Ալեքսանեան, աշխարհագրագէտ Վահագն Յովհաննիսեան, միջազգայնագէտ Անդրանիկ Գրիգորեան:

Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութեան անդրանիկ նիստը: <<Ժառանգութիւն>> կուսակցութեան վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան, փոխնախագահ՝ Արմէն Մարտիրոսեան, քարտուղար՝ Վանիկ Ալեքսանեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement