Քաշաթաղի մէջ մեկնարկած են ականազերծման աշխատանքները

By Asbarez | Wednesday, 28 June 2017

0628halotrust

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - <<Մեդիամասք>>ը կը հաղորդէ, թէ <<ՀԱԼՕ Թրասթ>> (HALO Trust) կազմակերպութիւնը մեկնարկած է ականազերծման աշխատանքներու Քաշաթաղի շրջանին մէջ, <<Իզմիրլեան>> հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրի ծիրին մէջ:

Ծրագիրի նպատակն է աջակցիլ ականազերծման երեք ականապատ դաշտերու, որոնք կարեւոր տարածքներ են Քաշաթաղի շրջանի (նախկին Լաչինի շրջան) Մեղուաձոր գիւղին համար:

Ականազերծուած դաշտերը պիտի օգտագործուին գիւղատնտեսական նպատակներով տեղւոյն բնակչութեան կողմէ, ինչ որ պիտի բարելաւէ անոնց կենսապայմանները եւ պիտի նպաստէ տնտեսութեան զարգացման:

Ականազերծման աշխատանքները պիտի իրականացնեն երեք ականազերծող խումբեր (իւրաքանչիւրը բաղկացած ութ անձերէ), որ կը նպաստէ տեղական կարողութիւններու զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման:

 



comments