Փարիզի մէջ հիմը կը դրուի Համահայկական Տնտեսական Համախմբումին

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629assembly

ՓԱՐԻԶ, <<ՀՅԴ Մամլոյ Դիւնան>> - Անցեալ շաբաթավերջին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ գործարարներու հանդիպումը՝ սկիզբ դնելով <<Համահայկական տնտեսական համախմբում>>ին:

Նկատի առնելով աշխարհասփիւռ հայութեան տնտեսական եւ գործարար հնարաւորութիւնները եւ այդ կարողականութիւնը համախմբելու եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հանդիպման մասնակիցները որոշեցին ստեղծել հայ գործարար ցանց մը, որուն կառավարումը պիտի վստահուի արհեստավարժ ու մասնագիտական հիմքերով գործող կառոյցի մը:

<<Համահայկական տնտեսական համախմբում>>ի (Panarmenian Economic Assembly) առաքելութիւնն է՝ ամրապնդել, խթանել եւ պաշտպանել հայ ազգի բազմակողմանի զարգացումը՝ ի մի բերելով հայ անհատական ֆինանսական եւ մասնագիտական կարողականութիւնը եւ աշխարհասփիւռ ներուժը՝ օգտագործելով ի նպաստ հայ մարդուն, հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Ժողովը կազմած է յատուկ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է Փարիզի հանդիպումէն բխած գաղափարներուն եւ որդեգրած սկզբունքներուն հիման վրայ պատրաստել <<Համախմբում>>ի ուղեգիծն ու գործելաոճը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպել <<Համահայկական տն-տեսական համախմբում>>ի առաջին համաժողովը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement