Արցախփոստ-ը աշխարհի տասնեակ երկիրներէ ստացաւ եւ բնակչութեան հասցուց 12,545 փաթեթ

By Asbarez | Thursday, 29 June 2017

0629artsakhpost

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ -  Տարուէ տարի Արցախի մէջ կ՛աճի <<Արցախփոստ>> ընկերութեան միջոցով  հանրապետութենէն արտերկիր առաքուող եւ ստացուող փոստային նամակներու եւ ծանրոցներու ծաւալները:

Եթէ փոստային ծառայութիւններու միջոցով 2014ին ընկերութիւնը աշխարհի տասնեակ երկիրներէն ստացած, մշակած եւ բնակչութեան հասցուցած է 22,672 փաթեթ եւ ծանրոց, 2015ին՝ 26,400 փաթեթ եւ ծանրոց, 2016ին 45,200 փաթեթ եւ ծանրոց, իսկ 2017ի առաջին եռամսեակին, անոր թիւը հասած է արդեն 12,545ի: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութենէն:

Ընկերութիւնը յաջողութիւններ արձանագրած է նաեւ նամականիշերու, գեղաթերթիկներու, նամականիշերու հաւաքածոներու եւ գրքոյկներու տպագրութեան գործին մէջ:

<<Արցախփոստ>> ՓԲԸի առաջին փոստային նամականիշները հրատարակուած են 1 Յունիս 1993ին: Իր գործունէութեան ընթացքին ընկերութիւնը հրատարակած եւ աշխարհին ներկայացուցած է 119 նամականիշ եւ գեղաթերթիկ: Միայն 2016ին անիկա թողարկած է 14 տեսակի նամականիշ՝ 221 հազար ընդհանուր տպաքանակով եւ մէկ գեղաթերթիկ՝ 7 հազար տպաքանակով: Իսկ 2017ի առաջին եռամսեակին արդէն հրատարակած  է 4 նիւթով 8 նամականիշ:

2017ին ընկերութեան մեծ յաջողութիւններէն էր 30,000 անդամ ունեցող ամերիկեան ֆիլաթելիստական (դրօշմասէրներու) ընկերութեան <<AMERICAN PHILATELIST>> ամսագիրի 2017 թուականի Մարտ ամսուան թիւին մէջ Արցախի Հանրապետութեան դրոշմաթուղթի սիրահարներու բնագաւառին մէջ անցած ճանապարհին եւ <<Արցախփոստ>> ընկերութեան մասնագիտական գործունէութեան մասին <<Լեռնային Ղարաբաղ>> վերնագիրով յօդուածին հրապարակումը:

 


comments