By Asbarez | Friday, 30 June 2017
ԵՐԵՒԱՆ - <<Կառավարութեան ներկայ կազմը՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կը վայելէ իմ եւ մեր ամբողջ քաղաքական կազմի ամբողջական վստահութիւնը>>, Յունիս 29ին, կառավարութեան նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ըստ անոր՝ իրենց քաղաքական խումբը միասնական կերպով պիտի գործէ թէ՛ գործադիրին եւ օրէնսդիրին մէջ, թէ՛ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ:
<<Ես որպէս Հայաստանի նախագահ եւ ՀՀԿի ղեկավար, ինչպէս նաեւ դուք բոլորդ, վստահ եմ, չունինք որեւէ նախապաշարում: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր կառուցողական ուժերուն հետ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ծիրին մէջ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւ նոյնիսկ նշուած կառոյցներէն դուրս: Նման համագործակցութեան համար մեր կողմէ միակ նախապայմանը քաղաքավարութեան եւ բարեկրթութեան կանոններու պահպանումն է: Ընդգծեմ, որ քննադատութիւնը իմ նշած կանոններու խախտում չենք համարեր: Յատկապէս, եթէ անիկա կառուցողական է եւ նպատակ ունի բարելաւելու իրավիճակը>>, յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:
Դիմելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանին՝ Սերժ Սարգսեան ըսած է. <<Կ՛ակնկալենք, որ դուք պատուով լուծէք մեր բոլորին առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները: Կը հաւատամ, որ կառավարութիւնը՝ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ պիտի կարենայ ամբողջութեամբ իրագործել այդ մէկը: Մեր ժողովուրդը ձեզի վստահած է այդ առաքելութիւնը: Շարունակեցէք աշխատիլ եռանդով>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ