Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը կը քննէ Սասնայ Ծռեր-ու անդամներ ծեծի ենթարկուելու հարցը

By Asbarez | Friday, 30 June 2017

0630arayik

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը <<Սասնայ ծռեր>>ու  քանի մը անդամներու դէմ բռնութիւն կիրառելու մասին տեղեկութիւն ստացած է:

Հինգշաբթի, 29 Յունիսին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, խօսելով <<Սասնայ ծռեր>>ու բանտարկուած երկու անդամները ծեծի ենթարկելու մասին՝ յայտնած է, որ ՄԻՊի գրասենեակի աշխատակիցները համապատասխան այցեր կը կատարեն՝ ճշդելու համար ստացուած լուրերը:

<<Սասնայ ծռեր>> խմբաւորման անդամ Արայիկ Խանդոյեանի փաստաբանը պնդած է, որ իր պաշտպանեալը դաժան կտտանքներու ենթարկուած է: Փաստաբանը յայտարարած է, որ իր պաշտպանեալը ծեծի ենթարկուած է մայրաքաղաքի Աւան եւ Նոր Նորք շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի նկուղին մէջ: Անոր պնդումով՝ 15 մարդ հերթով ծեծած է Խանդոյեանը: Փաստաբանը կը պնդէ նաեւ, որ ծեծի ենթարկուած են Սմբատ Բարսեղեանն ու Գագիկ Եղիազարեանը:

 



comments