By Asbarez | Thursday, 06 July 2017

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:
<<Անցած մէկ շաբաթուայ ընթացքում ՀՅԴ Արցախի կառոյցում բաւականին խորը եւ բազմաբնոյթ քննարկումներ են տեղի ունեցել: Քննարկումները եղել են իրական եւ կառուցողական: Ի դէպ, միանշանակ չէր Դաշնակցութեան մէջ տիրող մթնոլորտը ԱՀ նախագահի թեկնածութեան շուրջ: Ինչպէս միշտ, Դաշնակցութիւնն առաջնորդուել է մեծամասնութեան կարծիքով եւ մեր վերջնական որոշումը Բակo Սահակեանի թեկնածութեան առաջադրումն է>>, պարզաբանած է Դաւիթ Իշխանեան եւ աւելցուցած, որ վերջին երկու նախագահական ընտրութիւններուն՝ 2007ին եւ 2012ին ՀՅԴ Արցախի կառոյցը պաշտպանած է Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Թէ՛ 2007ին, եւ թէ 2012ին հրապարակուած են այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ նման որոշումներ կայացուած են:
<<Ընդհանրապէս անցումային փուլի նախագահը լինում է կամ գործող եւ իր ժամանակաշրջանն աւարտող նախագահ, որ շարունակում է իր տրամաբանական աւարտին հաս-ցնելու որդեգրուած քաղաքականութիւնը կամ էլ այն թեկնածուն, ով նախապատրաստուել է ապագայում պաշտօնավարել որպէս համաժողովրդական ընտրութեամբ ընտրուած նախագահ: Այդ իսկ առումով աւելի տրամաբանական է Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնն առաջադրել եւ առաջիկայ երկուս ու կէս տարիներին նրան վստահել երկրի նախագահի պարտականութիւնները: Մասնաւորապէս նկատի պէտք է ունենալ այն հանգամանքը, որ գործող նախագահի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանում սահմանադրական փոփոխութիւններ են կատարուել: Թէեւ ՀՅԴն դէմ է եղել նոր սահմանադրութեանը, սակայն այն իրողութիւն է եւ դրա լիարժէք կիրառումը եւ օրէնսդրական դաշտի համապատասխանեցումը, ասել է թէ, անցումային դրոյթների իրականացումը, մնում է այն իշխանութեան վրայ, որի օրօք այն ընդունուել է>>, աւելցուցած է Դաւիթ Իշխանեան:
Նշենք, որ Արցախի իշխող քաղաքական ուժը՝ <<Ազատ Հայրենիք>> կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը որոշած են հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին առաջադրել Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ