By Asbarez | Thursday, 06 July 2017
<<Բոլոր պետութիւնները գիտեն, որ Ատրպէյճան միշտ ալ եղած է տարանցիկ տարածք՝ միջազգային ահաբեկչութեան համար>>, <<Արմէնփրէս>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով պուլկարական <<Թրուտ>> թերթի կայքին մէջ հրապարակուած հետաքննութիւնը, որ բացայայտած է ատրպէյճանական պետական օղակներու ուղղակի ներգրաւուածութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող իսլամական ահաբեկչական խումբերու զինման մէջ: Ըստ Բաբայեանի՝ ասիկա ցոյց կու տայ այն իրական պատկերը, որ կը տիրէ Ատրպէյճանի մէջ:
<<Ատրպէյճանի մէջ կը բուժուէին, օրինակ, չեչեն եւ աֆղան ահաբեկիչները, գորշ գայլերու, ՏԱէՇի խմբաւորումներու ներկայացուցիչները. այս փաստերը եւ հրապարակուած նիւթերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան հետ>>, նշեց Դաւիթ Բաբայեան՝ շեշտելով, որ այս իմաստով պէտք է դիտարկուի միջազգային հանրութեան կողմէ հարցին հետամուտ ըլլալու խնդիրը:
Բաբայեան յայտնեց, որ նման պետութիւններ պէտք է անպայման պատասխանատուութեան ենթարկուին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ