Հայաստան շուտով ոսկիի բաւական մեծ պաշարներ պիտի ունենայ. Արթուր Ջաւադեան

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

0707gold

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստան շատ շուտով պիտի ունենայ բաւական լուրջ ոսկիի պաշարներ: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան: <<Ես մէկ տարի առաջ ալ յայտարարած էի: Հիմա մենք ծրագիր կ՛իրականացնենք համաշխարհային ճանաչում ունեցող շատ լուրջ ընկերութեան մը հետ: Հիմա կը կառուցենք աֆինաժի (արդիւնաբերական եղանակով ազնիւ մետաղներու ստացում զտման միջոցով-Խմբ.) գործարան: Շատ մեծ գործարան պիտի ըլլայ, որուն տնօրինութիւնը պիտի ստանձնէ համաշխարհային շատ լուրջ ընկերութիւն մը: Ես համոզուած եմ, որ շատ շուտով մենք պիտի ունենանք աւելի շատ ոսկիի պաշարներ, քան ունեցած ենք մինչեւ 2004 թուականը>>, ըստ <<Արմէնփրես>>ի՝ ըսած է Ջաւադեան:

Ան յայտնած է, որ 2004ին Հայաստանի ոսկիի պաշարը եղած է ընդամէնը 1.6 թոն: <<Այդ ժամանակ մեր ոսկիի պաշարները վաճառելը ճիշդ քայլ եղած է, որովհետեւ այն եկամուտը, որ մենք ստացած ենք ու փոխանցած ենք պետական պիւտճէ, շատ լուրջ թիւ եղած է>>, մանրամասնած է ան:

Ան աւելցուցած է, որ գործարանի կառուցումէն ետք կ՛ակնկալեն ունենալ ոսկիի շատ աւելի լուրջ պաշար, քանի որ այդ գործարանի հնարաւորութիւնը տարեկան մինչեւ 10 թոն է:

 



comments