By Asbarez | Friday, 07 July 2017
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ամէնամեայ ուսանողական հաւաքը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու կրթական–մշակութային ինքնատիպ ձեռնարկ է:
Համազգայինի ուսանողական հաւաքը՝ ֆորումը, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 8էն 21: Մասնակիցները 35 հոգի են՝ Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:
Ծրագիրի 14 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիթերով դասախօսութիւններ, հայաստանցի հասակակիցներու հետ պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող զանազան հարցեր:
Հաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ ու պիտի լսեն դասախօսութիւններ <<Ազգային նուագարաններ>>, <<Հայ համայնքներ>>, <<Ո՞վ է հայը>>, <<Հայկական գեղանկարչութիւն>> եւ այլ նիւթերով:
Ֆորումը եռօրեայ ծրագիրով պիտի այցելէ նաեւ Արցախ, պիտի հիւրընկալուի Ազգային ժողովին մէջ եւ պիտի գտնուի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասի մը մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ