By Asbarez | Thursday, 08 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի խորհրդարանի Սահմանադրական օրէնքներու, օրէնսդրութեան եւ հանրապետութեան ընդհանուր կառավարման հարցերու յանձնաժողովը, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբերի 7ի առաւօտեան վաւերացուցած է իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Վալերի Պուայէի եւ անոր պաշտօնակիցներուն ներկայացուցած օրինագիծը, որ կը վերաբերի ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրացողները պատժելու հարցին:
Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնական կայքին համաձայն, յանձնաժողովին կողմէ մշակուած բանաձեւը կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարել եւ 45 հազար եուրօ տուգանք սահմանել բոլոր անոնց, որոնք օրէնքով ընդունուած ցեղասպանութիւնները, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կասկածի տակ կը դնեն:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ 2001ի Յունուար 29ին, իսկ խորհրդարանը անցեալին վաւերացուցած էր նաեւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժող նման օրէնք մը, որ սակայն աւելի ուշ Ծերակոյտին կողմէ մերժուած էր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ