By Asbarez | Wednesday, 12 July 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Շուշիի շրջանի Քարին Տակ համայնքին մէջ, 10 Յուլիսին տեղի ունեցաւ նոր կառուցուած մանկապարտէզի շէնքի բացման արարողութիւնը:
<<Արցախփրէս>>ի թղթակիցին Քարին Տակ համայնքի ղեկավար Մխիթար Առուշանեան յայտնեց, որ շէնքը կառուցուած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորումով:
<<50 տեղանոց մէկ յարկանի մանկապարտէզը ունի անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները՝ ննջասենեակ, ճաշասենեակ եւ խաղասրահ: Մանկապարտէզ յաճախող երեխաներուն թիւը 28 է. աւելնալու միտում կայ>>, տեղեկացուց Առուշանեան:
Արարողութեան ներկայ էին Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, պատգամաւորներ եւ գիւղացիներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ