Պաշտպանութեան Բանակը, իրավիճակէն մեկնած՝ պատրաստ է ձեռնարկելու յարձակողական գործողութիւններու. Նախարար

By Asbarez | Thursday, 13 July 2017

0713generallevon1

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Յուլիս 12ին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան ընդունած է աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ հանդիպման մեկնարկին, ողջունելով բարձրաստիճան հիւրերը՝ բանակի հրամանատարը վերջիններուս խնդրանքով անդրադարձած է նախորդ տարուան ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն՝ զանոնք որակելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած զանգուածային յարձակում՝ նկատի ունենալով հակառակորդին կողմէ գործողութեան մէջ դրուած յատուկ նշանակութեան ուժերը, մեծ քանակութեամբ զրահասայլային ստորաբաժանումները, համազարկային, հրթիռային եւ հրետանային միջոցները, արդի արհեստագիտութեամբ զինատեսակներն ու ընտրուած հարուածային ուղղութիւնները:

Այնուհետեւ Լեւոն Մնացականեան ներկայացուցած է յետ-ապրիլեան աշխատանքները՝ նշելով, որ կատարուած են համակողմանի վերլուծութիւններ, ներկայացուցած է տեղ գտած բացթողումներու ու թերացումներու վերացման ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուելիք գործընթացներու համալիրը: Այժմ առաջնագիծին վրայ տիրող իրադրութիւնը որակելով որպէս կայուն վերահսկուող՝ Արցախի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը վստահեցուցած է, որ պաշտպանութեան բանակը ի վիճակի է համարժէք կերպով պատասխանելու հակառակորդի սադրանքներուն եւ պատրաստ է իրավիճակէն մեկնած՝ ձեռնարկելու նաեւ յարձակողական գործողութիւններու:

Վերջաւորութեան բանակի հրամանատարը պատասխանած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներու հարցումերուն, որոնք կը վերաբերէին առաջնագիծին վրայ երկրաչափական կահաւորման, մարտական հերթապահութիւնը առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, բանակին մէջ կիրառուող նորարարութիւններուն, տեսադիտարկման համակարգերու հնարաւորութիւններուն ու արդիւնաւէտութեան:

 

comments